2016-09-01 09:39:00

«Հայկական աշխարհը համացանցին մէջ» գիտաժողովը `կարեւոր ու արժէքաւոր նախաձեռնութիւն


ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանիպետական համալսարանինախաձեռնութեամբ ԵՊՀի Ռիթա եւՎարդգէս Պալեաններու անուան դահլիճինմէջ մեկնարկած«Հայկական աշխարհըհամացանցին մէջ» գիտաժողովին տարբերերկիրներէ մասնակցող ոլորտիներկայացուցիչները հիմնականին մէջանդրադարձած են նորարարականարհեստագիտութիւններով յագեցած համաշխարհայինառումով բարձր մակարդակի հասած համացանցին եւ  նոյն այդ  աշխարհին մէջ` հայկական համացանցային ոլորտին: Զմմառու Սուրբ Տիրամօր վանքի փոխտեսուչ վարդապետ Մաշտոց  Զահթէրեան,անդրադառնալով Հայ Կաթողիկէ  եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքէջին,  նշեց նաեւ, որկայքը ներկայիս ծայրահեղական իսլամիստներուն կողմէ յարձակման ենթարկուած է,եւառայժմ չի գործեր: Մանրամասնելովներկայ օրերուն համացանցի հզօր դերը,վարդապետը ներկայացուց  նաեւ  Հայ կաթոլիկ պատրիարքութեան կեդրոնի` Զմմառուվանքի ծաւալած գործունէութիւնը կեանքի մէջ եւ ատոր արտացոլումը  համացանցին մէջ :

«Զմմառու` 5 տարիէն  աւելի գործող կայքը ունի զանազան բաժիններ, որոնց մէջ կրնաք տեսնել մեր առաքելութիւնը համացանցին մէջ. ներածականին մէջ ունինք միաբանական, քահանայական, եկեղեցական, կղերական կոչումներուն մասին, աղօթքներ, պատկերազարդ էջեր, յիշարժան պահեր,  տօնական եղելութիւններ եւ ժամանակագրութիւն: Իսկ  անդրադառնալով մեր միաբանութեան` այնտեղ կը տեսնէք պատմականը, ես չեմ ուզեր պատմական որեւէ ակնարկ տալ. կրնաք մէկ ամիս յետոյ ամբողջութեամբ ծանօթանալ  կայքին միջոցով: Մենք պատրիարքական աթոռին մասին ունինք մեր կանոնագիրքը, ուր ցոյց  տրուած է, թէ ինչպէս  կանոնակարգուած են  մեր  կեանքը, ժողովները, պատրիարքական փոխանորդը, որ միեւնոյն ժամանակ վանքի մեծաւորն է եւ վարչական խորհուրդի միաբան անդամը: Աշխարհի 4 ծագերէն  Զմմառու միաբաններէն որեւէ մէկուն հետ կապ հաստատելու ցանկութիւն ունեցողները պէտք է այցելեն միաբանութեան կայք, մտնեն «Միաբան անդամներ» կայք-էջ, ուր կը գտնեն  նախընտրած միաբանի հասցէն, հեռախօսահամարը, պաշտօնը, ծառայութեան վայրը: Միաբանութեան կողքին կարեւոր կը համարուին  նաեւ Դպրեվանքը եւ Ընծայարանը, ուր կը նախապատրաստուին ապագացուները: Անոնց համար նոյնպէս   երկու  յատուկ էջեր  պատրաստած ենք. ունինք  Սուրբ Միքայէլ  փոքր դպրեվանքը, որ մենք Ընծայարան կ’անուանենք եւ ունինք Երանելի Իկնատիոս Մալոյեանի մեծ դպրեվանքը, ուր  համալսարանական  ուսանողները իրենց իմաստասիրական  եւ աստուածաբանական ուսումը կը ստանան: Անոնց էջերուն վրայ մենք կը տեղադրենք քարոզներ, ուսումնասիրութիւններ. այն , ինչ որ անոնք համալսարանին մէջ կը ներկայացնեն: Անշուշտ, Զմմառու վանքը նաեւ սրբավայր է, ուր կը  գտնուի հրաշագործ Տիրամօր մատուռը, ուր աշխարհի չորս կողմերէն ուխտի կու գան, ունինք Մարտինի մէջ նահատակուած արքեսպիսկոպոս Երանելի Մալոյեանին նուիրուած Մեծ Ամֆիթատրոնի բացման հանդիսութիւնը, որ կրնաք տեսնել լուրերու բաժինին մէջ, ինչպէս նաեւ` մեր ներքին հոգեւոր կեանքին մասին    տեղեկութիւններ, ուր առաջին հերթին  վանքին մէջ տեղի ունեցող ծիսական արարարողութիւններն են, ապա`  երեկոյեան աղօթքները: Զմմառու վանքը նաեւ մշակութային մեծ կեդրոն է, որովհետեւ ունի 100 հազարէն աւելի գիրքերով մատենադարան, ձեռագրատուն, ուր կը պահուին շուրջ 2000 ձեռագիրներ, որոնցմէ  200-ը` օտար լեզուներով, ունինք արժէքաւոր նմուշներով, հարուստ հաւաքածուուով թանգարան, վեհարան, մատուռ, հնատիպ գիրքերու մաս, ընթերցասրահ, որուն բացումը պիտի ըլլայ Հոկտեմբերի սկիզբները: Զմմառու վանքը ունի 1800-ականներէն գործող  յատուկ մառաններ եւ յայտնի է իր համեղ ու ընտիր գինիներու տեսակներով, ատոնք արժեւորելու համար յատուկ  կայք  պատրաստուած է, որ այժմ կոտրուած է եւ չի գործեր: Այն անձը, որ մուտք կը գործէ մեր կայք, կը կարենայ  ամբողջական պատկերացում կազմել Զմմառու վանքի միաբանութեան պատմութեան, պատրիարքութեան, վանքի  ներքին հոգեւոր կեանքին մասին, Նոր ընծայարանի եւ Դպրեվանքի մասին: Մեր կայքի ժամանակագրութեան էջը լեցուն է լուրերով, օրինակ` Հայաստանի նոր դեսպանի այցելութիւնը Զմմառու վանք եւ այլ լուրեր:  Այս գիտաժողովին լուրը  երէկ ես անմիջապէս տեղադրեցի մեր ֆէյսպուքեան էջին վրայ, ատկէ առաջ արդէն տեղադրուած էր Ամֆիթատրոնի պաշտօնական հանդիսութեան  լուրը: Մեր աշխատանքը  լուրը, եղելութիւնը ժամանակին աշխարհին հասցնելն է: Կը մաղթեմ, որ այսպիսի յարձակման որեւէ կայք  չենթարկուի, որովհետեւ 4 տարուան ընթացքին մեր կատարած ամբողջ աշխատանքը կրկին պէտք է ընենք    քանի մը ամսուան մէջ, անշուշտ` նոր ձեւաւորումով, նոր ընթացքով. երբ յարձակման կ’ենթարկուինք,  ամէն բան կը ջարդուի. Գրութիւնները կը մնան միայն, էջ չի մնար: Այդ օրը, երբ կայքը բացինք, առաջին էջին վրայ իսլամիստներու դրօշը  տեղադրուած էր եւ իրենց աղօթքներէն մէկը. աշխատեցանք երկու օր, որպէսզի կարենանք վերադարձնել մեր էջը: Բոլոր կարեւոր  պատմական իրադարձութիւնները կը տեղադուին «Յատուկ յիշարժան պահեր»  էջին մէջ: Պատրիարքական կայք-էջը, ուր ես չեմ աշխատիր, սկսած է գործել 2005-էն. այն կը ներկայացնէ եկեղեցւոյ Նուիրապետութեան պատրիարքութեան աթոռի պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ այն թեմերու պատմութիւնը, որոնք կը գործեն ուրիշ երկիրներու մէջ, Մխիթարեան միաբանութեան  պատմութիւնը, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան  կաթոլիկական  ուսումնակրթական հաստատութեան պատմութիւնը: Կը ներկայացուին այն բոլոր հաստատութիւնները, որոնք կը գործեն իշխանութեան եւ պատրիարքական թեմի հովանիի ներքոյ. այսինքն` դպրոց, որբանոց, դարմանատուն, երգչախումբեր, Տիկնանց միութիւն, Երիտասարդական միութիւն, Ժառանգաւորաց վարժարան, թերթեր, ամսագիրներ, հրատարակութիւններ եւ այլն: Կ’ուզեմ նշել, որ 2007-ին առաջին անգամ սկսաւ գործել «Նռան ձայն» շաբաթական հոգեւոր հաղորդումը եւ, ցաւօք, տեւեց մօտաւորապէս մէկ տարի. Այն կը ներառէր եւ՛ լուրեր, եւ՛ հոգեւոր թեմաներով զանազան նիւթեր: Մեր ցանկութիւնն է, որ այսպիսի հաղորդաշարերն ու հաղորդումները չդադրին գործելէ:  Կը մաղթեմ, որ համացանցը`  հաղորդակցութեան նման կարեւոր միջոց եւ  ապահով կայքեր ունենալը այս նոր աշխարհը դարձնէ աւելի մատչելի մեզի համար, սրտերը իրար մօտեցնէ. թո՛ղ համացանցը ըլլայ յարատեւ կամուրջ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, կարենանք այդ միջոցով ամբողջ աշխարհին  ճիշդ ձեւով ներկայացնել մեր մշակոյթը, մեր հոգեւոր արժէքները, որոնց ստուար մաս մը հայ եկեղեցիներու մէջ կը պահուի. ատոնք պէտք է կարենանք արժեւորել ու կեանքի կոչել»,- իր ելոյթին մէջ  մասնաւորապէս նշեց  վարդապետ Մաշտոց Զահթէրեան:

Գիտաժողովը  հասարակական, գիտական, տեղեկատուական առումներով լաւագոյն  եւցանկալի հարթակն էր, որուն ծիրէն ներս գիտաժողովի մասնակիցները կրցան ներկայացնելիրենց  ծաւալած գործունէութիւնը համացանցին մէջ եւ  համագործակցութեան կամուրջներ կապել, փորձի փոխանակում ընել` գտնելով համացանցին մէջ  աշխատելու առաւել նորարական, արդիւնաւէտ  մեթոտներ:

Կարինէ Աւագեան

Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»

 








All the contents on this site are copyrighted ©.